2016-12-27 09:43:00

ՀՀ մօտ ՌԴ դեսպանատան դիմաց ծաղիկներ` կործանուած Տու-154 օդանաւի զոհերու յիշատակին։


Երկուշաբթի 26 դեկտեմբերի ՀՀ մօտ Ռուսիոյ դեսպանատան դիմաց, խումբ մը երիտասարդներ ծաղիկներ խոնարհած են Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան (ԱԴԾ) Սեւ ծովուն մէջ կործանուած Տու-154 ռազմական օդանաւի զոհերուն յիշատակին, որոնց շարքին կային նաեւ երկու հայեր` Գէորգիեան Յովհաննէս Պետրոսի եւ Վահանով. Ա. Ի.:

Յիշատակը յարգելու արարողութենէն ետք՝ մասնակիցները բարձրացած են դեսպանատուն` ցաւակցութիւններու համար նախատեսուած գիրքին մէջ արձանագրութիւն կատարելու

Նշենք թէ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրամանով Դեկտեմբեր 26-ը յայտարարուած էր սգոյ օր:

 «Օդանաւի վթարին հետեւանքով բազմաթիւ մարդիկ մահացած են: Արտայայտելով իմ խորին վիշտը եւ ցաւակցելով զոհերու հարազատներուն ու մտերիմներուն` Դեկտեմբեր 26-ը կը յայտարարեմ սգոյ օր Ռուսիոյ Դաշնութեան մէջ»,- ըսուած ՌԴ նախագահի հրամանին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.